2018-04-27 08:51:00

Քայլարշաւ հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան


Ընդառաջելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու կոչին` ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ կայացած քայլարշաւին կը մասնակցէին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքական գործիչներէն, ընտրութիւններուն ցանկակից Մասուտ Աշգար, շրջաններու կուսակցական, միութենական եւ եկեղեցական կառոյցներու անդամներ, թաղապետներ, ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը, ինչպէս նաեւ հայորդիներ, որոնք եկան անգամ մը եւս վերանորոգելու իրենց ուխտը` կառչած մնալու Հայ դատին եւ պահանջելով ճանաչում, հատուցում եւ արդարութիւն:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձանին վրայ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ ԼԵՄ-ի կողմէ:

Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան քայլարշաւի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ հայութեան մէկուկէս միլիոն Սուրբ Նահատակներուն կտակը տակաւին վառ կը մնայ, իսկ նոր սերունդները պարտին տէր կանգնիլ անոր ու կառչիլ հայութեան հաւաքական իրաւունքներուն:

Ան հաստատեց, որ այն կոթողը, որուն դիմաց հաւաքուած են, հայոց պատմութեան կոթող է, ուր ամփոփուած են աճիւնները Սուրբ Նահատակներուն, որոնք ինկան հայութեան եւ քրիստոնէութեան ի խնդիր: «Այսօր մեր շուրջ հաւաքուած է հայութիւնը եւ հայութեան ներկայացուցիչ անձնաւորութիւններ, որոնք իրաւամբ կը պաշտպանեն հայութեան ու հայ եկեղեցւոյ շատերը եւ կ’աշխատին հայկական միջավայրի մէջ», հաստատեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.